2013-05-16 14:13:10

Պոլիսի Մէջ Ուսումնաժողով` Կրօնի Ազատութեան Մասին։


17 - 18 Մայիս Պոլիսի մէջ տեղի կ՛ունենայ ուսումնաժողով մը կրօնի ազատութեան մասին որուն խորագիրն է ''Կոստանդիանոս Կայսերի Միլանոյի Հրապարակագիրը 1700 տարիներ ետք - Կրօնի Ազատութիւնը Այսօր։ ''
Վերոյիշեալ ուսումնաժողովը կազմակերպուած է Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան նախաձեռնութեամբ եւ Եւրոպայի Եպիսկոպոսական Համահւաք Դասի Խորհուրդին համագործակցութեամբ նշելու համար Կոստանդիանոս Կայսերի Միլանոյի Հրապարակագիրի 1700 ամեակը։
Այս նախաձեռնութիւնը կը միտի ընդգծել՝ Կոստանդին Կայսեր դարձը քրիստոնէութեան ու անոր դիմագրաւած պատերազմը Հռոմ՝ Միլվիուս կամուրջին վրայ, 312 թուականին, ինչպէս նաեւ վերակոչել՝ մէկ տարի ետք անոր հրապարակած՝ Միլանոյի հրովարտակը։ Այս դէպքերը հիմը դրին քրիստոնեայ Եւրոպային։
Նշենք որ՝ Ponte Milvius-ի պատերազմը, յեղաշրջեց Եւրոպայի պատմութիւնը։ Աւանդութեան համաձայն 312-ի՝ 28 հոկտեմբերին Կոստանդին կը յաղթէ պատերազմը անոր թշնամի Մաքսիմոսի դէմ, յետ տեսիլքի մը՝ որ կ'աւետէր յաղթութիւնը Քրիստոսի խաչի դրօշին ներքեւ։ Այդ պատերազմէն ետք՝ Կայսրը դարձի կու գայ ու կը մկրտուի իր կայսրութեան պարտադրելով հանդրժողութիւնը հանդէպ քրիստոնեաներուն։ 313-ի հրապարակագիրով Կոստանդին քրիստոնեաներուն կ'երաշխաւորէ պաշտամունքի ազատութիւնը ու անոնց կը վերադարձնէ բռնագրաւուած ինչքերը։ Այս պաշտօնական ներգործութիւնը այսօր նկատուած է ''Քրիստոնեայ Եւրոպայի ամենակարեւոր հանգրուաններէն մէկը։''








All the contents on this site are copyrighted ©.